2017-02-04 11:39:00

Թեզէյի մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ բարեկամութեան` երիտասարդներու հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Թեզէյի համամիութենական  հասարակութիւնը, յառաջիկայ Մայիս ամսուայ ընթացքին պիտի կազմակերպէ շաբաթավերջ մը, որուն  հրաւիրուած են մահմետական եւ քրիստոնեայ երիտասարդներ։

Թեզէյի հասարակութեան կողմէ այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է  թէ վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ  5-էն 8 մայիս 2017-ին, եւ թէ ծրագրին  հրաւիրուած են 15-էն 35 տարիք ունեցող երիտասարդներ։

Մահմետական եւ Քրիստոնեայ երիտասարդներու բարեկամական շաբաթավերջի հանդիպումի խորագիրն է ՝՝Աստուծոյ վերազարթնումը մեր մէջ՝՝, որուն ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան գիտաժողովներ, եւ մահմետական եւ քրիստոնեայ երիտասարդներու  միջեւ յատուկ հանդիպումներ։ 

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած  է նաեւ,  թէ  Իսլամ  երիտասարդներուն որպէս աղօթքի վայր պիտի յատկացուի հիւրընկալութեան կեդրոնին մէջ դահլիճ մը, իսկ՝ քրիստոնեաներու համար նոյն վայրին մէջ գտնուող ՝՝ապաշխարութեան՝՝ անուան  եկեղեցին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.